TGTGInsighttelegram intelligenceLIVE / telegram public index
Բովանդակություն
Գրառման բովանդակություն
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը հարկ կը նկատէ տեղեկացնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ օտար լրատուամիջոցներուն, որ Տիար Արմէն Աթաջանեան (նախկին՝ Էմմանուէլ Վարդապետ Աթաջանեան) կարգալոյծ հռչակուած է 2019 թուականի Մայիս 6-ին։ Սակայն, այս իրողութեան հակառակ, ան երբեք չէ դադրած հանրութեան առջեւ ներկայանալ իբրեւ հոգեւորական։ Տարբեր լրատուամիջոցներուն ան կը շարունակէ ներկայանալ որպէս Երուսաղէմի հայկական եկեղեցւոյ սպասաւոր՝ Հայր Էմմանուէլ Վարդապետ Աթաջանեան, եւ հարցազրոյցներ կու տայ՝ անդրադառնալով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածներուն, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրին մէջ տիրող պատերազմական եւ այլ իրավիճակներուն։