TGTGInsighttelegram intelligenceLIVE / telegram public index
Բովանդակություն
Գրառման բովանդակություն
Իրանի Շուրջ Ձեւաւորուած Ռազմաքաղաքական Սրացումները Ուղղակիօրէն եւ Անուղղակիօրէն Կրնան Ազդել Հայաստանի Անվտանգութեան Միջավայրին Վրայ Նախաբան Կասկած չկայ, որ ընթացիկ տարուայ, Մարտ ամիսէն սկսեալ, Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Իրանի շուրջ ձեւաւորուած ռազմաքաղաքական սրացումները ուղղակիօրէն եւ անուղղակիօրէն կ’ազդեն Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրին վրայ։ Թէեւ ՀՀ իշխանութիւնները նոյն օրերուն ցուցադրաբար պռեշիկ, կուկուռուզ եւ սուճուխ ուտելով «ամեն բան լաւ է լինելու»-ի նամակներ կը յղեն ժողովուրդին, մինչ պաշտօնական շրջանակները կը յայտարարեն, որ երկրին անվտանգութեան անմիջական սպառնալիք մը գոյութիւն չունի, սակայն փորձագիտական եւ հետախուզական վերլուծութիւնները կը մատնանշեն կարեւոր վտանգներ, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի մեր Հայրենիքը։ @azg_analytics